ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍԵԲԱՍՏԻԱ

Kategori: Եկեղեցական

sivas 5Պատկառելի Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սեբաստացիներու Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակցելու համար, 05 Յուլիս 2013, Ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Սեբաստիա։

Մօտաւորապէս 250 Սեբաստացիներէ բաղկացեալ խումբը, երէկ հասած էր Սեբաստիա։ Ուխտաւորներ այսօր եւս կը շարունակէին այցելութեանց։ Այսօրուան առաջին կայանը եղաւ Կիւրիւնի Հայոց Եկեղեցին, ուր Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ, ներկաներ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքները։ Միասնաբար արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը եւ երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա»ն։ Ապա, աղօթք արտասանուեցաւ, Կիւրիւն բնակած հանգուցեալ Հայերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ներկայ եղաւ նաեւ քաղաքապետութեան շինարարութեան պատասխանատու պաշտօնատարը։ Ան, յայտնեց թէ եկեղեցւոյ հողամասը կը պատկանէր անձի մը եւ քաղաքապետութիւնը, գնած էր այս հողամասը ու կը ծրագրէր օգտագործել, որպէս թանգարան եւ եկեղեցի։ Զրոյցի ընթացքին ներկաներ առաջարկեցին որ, քաղաքապետութիւնը գործակցի ՀԱՅՃԱՐ հիմնարկի հետ։

Ուխտաւորներ ապա ուղղուեցաւ դէպի բնական ակերու վայր մը՝ Կէօքբընար, ուր ճաշեցին։ Այս առթիւ հայրսուրբը գնահատեց ուխտագնացութեան մասնակից Սեբաստացիները։ Խումբը, Պալըքլը Չէրմիքը այցելեց եւ յետոյ վերադարձաւ Սեբաստիա։

6 ՅՈՒԼԻՍ 2013
ՀՈԳԵՀԱՆԳՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

sivas 4sivas 1sivas 2Ուխտաւորաց խումբը, 6 Յուլիս 2013, Շաբաթ առաւօտ, այցելեց քաղաքի հայոց գերեզմանատունը, ուր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստ։ Այս առթիւ Հայրսուրբը արտայայտուեցաւ եւ ըսաւ. «Ուրախ ենք որ այստեղ ենք. մեր պապերուն հանգստարաններուն մօտ։ Մեր պապերուն աղօթած, մշակոյթը պահած եւ փոխանցած վայրն ենք։ Ուրախութիւն է նաեւ տեսնել քաղաքի մերազն ժողովուրդը, իրենց դրացիներուն հետ սիրոյ եւ յարգանքի միջավայրին մէջ տեսնել։ Այս մէկը սրտի գոհունակութիւն կը պատճառէ որ մենք աւելի հարազատ զգանք այս վայրը»։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քաղաքի կուսակալին, քաղաքապետին եւ պետական աւագանիի բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին, ուխտագնացութեան մասնակիցներուն։

Յետոյ 5 հոգիէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Թավրայի Հայոց երբեմնի եկեղեցին, որ զինուորական սահմաններուն մէջ կը գտնուի։ Հայրսուրբը եւ ընկերակիցները, եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցան գնդապետին կողմէ ու եկեղեցւոյ մէջ քննարկումներ կատարեցին։ Գնդապետը, իր ուրախութիւնը յայտեց, տեսնելով ներկաներուն հետաքրքրութիւնը։ Պատուիրակութիւնը մեկնելով եկեղեցիէն, միացաւ խումբին։

Ուխտաւորներ, երեկոյեան ուղղուեցաւ դէպի Փաշա Ֆապրիքասը, ուր պետական աւագանիի հետ ընթրեցին։ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ., նոյն գիշեր հրաժեշտ առաւ խումբէն եւ վերադարձաւ Ստանպուլ։