ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՓԼՈՎՏԻՒ

Kategori: Եկեղեցական
88

(Փլովտիւի համայնապատկերը)

89

(Գերեզմանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռը)

90

(Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին կ՚օրհնէ աղուհացը)

91

(Նորին Ամենապատուութիւնը կը քարոզէ)

92

(Հոգեւորականները պարման ու պարմանուհիներու հետ)

93

(Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Թագաւոր Երգչախումբի անդամներուն հետ)

94

(Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚օրհնէ պուլկարահայ փոքրիկն Եղիազարը)

Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Ռումանիոյ եւ ՊուլկարիոյԱռաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպիսկոպոս Մարտիկեանի ծննդեան75-րդ, քահանայութեան 50-րդ եւ առաջնորդութեան 45-րդտարեդարձներուն առթիւ սարքուած հանդիսութիւններու մասնակցելուհամար, 25 Յունիս 2005 շաբաթ առաւօտ ցամաքային ճամբովմեկնեցաւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ ՄայրԵկեղեցւոյ մէջ §Ճանապարհ¦ի աղօթքը կատարելէ ետք, ճամբայ ելաւժամը 09.30-ին, հետն ունենալով գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ.Ուզունեանն ու Գերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուըլին։ 24 Յունիսին օթօպիւսովդէպի Փլովտիւ ճամբայ ելած էին արդէն Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղյ.Ուչքունեանի գլխաւորած Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Երգչախումբիանդամներն ու ուխտաւորներու մօտաւորապէս 90 հոգինոց խումբ մը։

Պատրիարք Հայրը Պուլկարիոյ սահմանին վրայ դիմաւորուեցաւ ՀոգշՀ. Եղիշէ Աբեղայ Ուչքունեանի, Պուլկարիոյ Թեմական Խորհուրդի Փոխ-Ատենապետ եւ Փլովտիւի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ ԵղիազարՈւզունեանի եւ համայնքիս ծանօթ ազգայիններէն ՄկրտիչՍէրթշիմշէքի կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը նախ Սվիլէնկրատի մէջԵղիազար Ուզունեանի կողմէ հիւրասիրուեցան ցերեկուան ճաշով։Ապա  Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան ժամերուն Փլովտիւժամանեց ու իջեւանեց Նովոթել հիւրանոցը։ Հիւրանոցի շքամուտքինՆորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Գերշ. Տ. ՏիրայրԱրքեպիսկոպոսի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային ՀիւանդանոցիՀոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

Պատրիարք Հայրը ժամը 19.00-ին, ուղեկցութեամբ ԵղիազարՈւզունեանի, նախ այցելեց Փլովտիւի համբաւաւոր երէք բլուրներէնՓընարճըք կոչուած բլուրը, ուրկէ կարելի է տեսնել Փլովտիւիհամայնապատկերը։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը այցելեց հայոցգերեզմանատունը, գերեզմանատան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մատուռը,եւ նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարեց ընդհանուրհոգեհանգստեան վասն հանգստեան համօրէն ննջեցելոց։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 20.00ին ընթրիքի սեղանին շուրջմէկտեղուեցաւ Գերշ. Տիրայր Սրբազանի հետ։ Ընթրիքին ներկայ էիննաեւ Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբեղայ Ուչքունեան, Գերյ. Հայր Ճոն Ուըլի,Փլովտիւի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհն. Խաչերեան, Արժ. Տ.Տրդատ Քահանայ Ուզունեան, Եղիազար-Վիքթորիա Ուզունեան,Պետրոս-Լետա Շիրինօղլու եւ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։

Սուրբ Պատարագ եւ Սիրոյ Սեղան

Փլովտիւի պատմական Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջարարողութիւններն սկսան  26 Յունիս 2005 Կիրակի ժամը 09.00-ին,իսկ Սուրբ Պատարագը՝ 10.00-ին։ Արարողութեանց նախագահեցԱմենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Իսկ Սուրբ Պատարագըմատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղյ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. ՏիրայրԱրքեպս. Մարտիկեան, հոգեւորականներ, Հայաստանի Պուլկարիոյմօտ Դեսպան Սերկէյ Մանասարեան, ուխտաւորներու եւ Փլովտիւի հայհամայնքի անդամներու մեծ բազմութիւն մը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. ԹագաւորԵրգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Սեւան Շէնճանի։ ՅաւարտՍուրբ Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց Վարդավառիբարեկենդանին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ կանգ առաւՏիրոջ՝ Իր աշակերտներուն ուղղած հարցումին վրայ. §Դուք իմ մասիսի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ ես¦ (Մատ. 16.15)։ Ապա Պատրիարք Հայրըբացատրեց Պետրոս Առաքեալի կողմէ այս հարցումին տրուածպատասխանին իմաստը. §Դուն Քրիստոսն ես՝ կենդանի ԱստուծոյՈրդին¦ (Մատ. 16.16)։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա յիշեցուց թէ,կը նշուէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծննդեան 75-րդ, քահանայութեան50-րդ եւ առաջնորդութեան 45-րդ տարեդարձերը եւ վեր առնելով անորբազմամեայ վաստակը մաղթեց քաջառողջ ու արդիւնաւէտ եւսբազում տարիներ։

Ապա Նորին Ամենապատուութեան կողմէ հանդիսաւորապէս ընթերցեցՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսիսրբատառ կոնդակը։ Աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւԳերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեան։ Ան նախ յիշեց Պուլկարիոյնախորդ առաջնորդներն ու քարոզիչները՝ Ղեւոնդ ԵպիսկոպոսԴուրեանը, Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանը, ԵրուանդԵպիսկոպոս Փերտահճեանը եւ Գուսան Եպիսկոպոս Կարապետեանը։Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին Նորին Ամենապատուութեանշնորհակալութիւն յայտնեց իր թանկագին ներկայութեան համար եւխնդրեց որ Պատրիարք Հայրը օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Արարողութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեցեկեղեցւոյ կից բացուած թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին թանկարժէքեկեղեցական իրեր։

Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, որու ընթացքինՓլովտիւի հայ պատանիներն ու երիտասարդները հանդէս եկանգեղարւեստական շատ խնամեալ յայտագրով մը։

Գերշ. Տիրայր Սրբազան նուէրներ յանձնեց մանաւանդ Եկեղեցւոյբարերարներ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի։ ԻսկՆորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքին մէջ Պոլիս հրաւիրեց Գերշ.Տ. Տիրայր Արքեպիսկոպոս Մարտիկեանը պոլսահայ համայնքին հետեւս նշելու իր ծննդեան 75-րդ տարեդարձը։  ՆորինԱմենապատուութիւնը Պոլիս հրատարակուած գիրքեր նուիրեցՓլովտիւի Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Եղիազար Ուզունեանին, տեղւոյներէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհն. Խաչերեանին եւ տեղւոյներիտասարդներու պարուսոյց եւ երգչախումբի վարիչ ՀռիփսիմէԹովմասեանին։

Հանդիսութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաժեշտառաւ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեանէն, հետիոտն շրջեցՓլովտիւի հին քաղաքը, հիւրանոցի մէջ կարճ հանգիստ մը առնելէյետոյ ցամաքային ճամբով վերադարձաւ Իր Աթոռը։