Ուխտաւորաց Ս. Պատարագ

Kategori: Եկեղեցական

Ս. Երուսաղէմի մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի տօնինհանդիսութեանց անբաժանելի մասը կը նկատուի զանազանքաղաքներէ եւ երկիրներէ տօնախմբութեանց համար Սուրբ Քաղաքժամանած ուխտաւորներուն համար մատուցուած Ուխտաւորաց Ս.Պատարագը եւ յաջորդող Ուխտի թափօրն ու «ճանապարհ»ի արարողութիւնը։ Հայ Ուխտաւորներուն համար հանդիսաւոր Ս.Պատարագը 2 Մայիս Երկուշաբթի ժամը 9.00ին սկսաւ ՍրբոցՅակոբեանց Առաքելոց Տաճարին մէջ։

36Արարողութեանց նախագահեց Ս. Երուսաղէմի Ամեն. Տ. Թորգոմ Ս.Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Պոլսոյ Ամեն. Տ. ՄեսրոպՍ. Պատրիարք Հայրը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբԱտրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Քահվէճեանի։ Աթոռանիստ տաճարը լրիւ լեցուած էր Ժառանգաւոր սաներու, Ս.Թարգմանչաց Վարժարանի աշակերտներու, Հայ համայնքիանդամներուն եւ ուխտաւորներուն կողմէ։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց իբրեւբնաբան ընտրելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ Ղազարոսի քոյրերէնՄարթային ուղղած խօսքը. «Ես իսկ եմ Յարութիւն եւ կեանք»(Յովհաննէս 11.25)։

Ճանապարհի արարողութիւն
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօրհանդիսապետութեամբ մեծահանդէս թափօր կազմուեցաւ.միաբանութեան բոլոր անդամները եւ ժառանգաւոր սաները, Ս.Զատիկի շարականներ երգելով երեք անգամ դարձան  Աթոռանիստտաճարին մէջ։ Ս. Աթոռի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. ՆուրհանԱրքեպիսկ. Մանուկեան երգեց «Տէր Ողորմեա»ն, որուն յաջորդեց Հոգշ.Հայր Գուսան Վարդապետ Ալճալեանի երգած «Ճանապարհ»ը։ Հուսկ,արարողութիւնը վերջ գտաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօրարտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով։ Աւելի վերջ, եկեղեցին գտնուողբոլոր հոգեւորականներն ու աշխարհականները բարձրացանՊատրիարքարանի դահլիճը, ուր միաբերան երգուեցաւ «ԳովեաԵրուսաղէմ զՏէր, Յարեաւ Քրիստոս» շարականը եւ ապա Ամեն.Տ. Թորգոմ Պատրիարք Հայրը ընդունեց  բոլորին շնորհաւորութիւններըեւ «բարի ճանապարհ» մաղթեց ուխտաւորներուն։
Պոլսահայ ուխտաւորները կեսօրէ յետոյ այցելեցին Երիքով եւ ՄեռեալԾով։ Իսկ ժամը 20.00ին հաւաքուեցան Բեթղեհէմ՝ Սէն Ճորճճաշարանին մէջ հրաժեշտի ընթրիքին համար։