ՈՒԽՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ՊԵՏՐՈՍԻ ՔԱՐԱՅՐԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առաջնորդած ՄեծՊահոց ուխտագնացութեան երկրորդ կայանն էր Անտիոքի ՍուրբՊետրոս Քարայր-Մատուռը։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւբազմահարիւր ուխտաւորները միջազգային համաքրիստոնէականսոյն սրբավայրը հասան 5 Մարտ 2005, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին։Միաբերան կատարուեցան Կիրակամուտքի ժամերգութենէն ընտրուածկանոնական բաժիններ։ Աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնըքարոզեց, յատկապէս ծանրանալով Քրիստոնեայ կոչումը կրելուգաղափարին վրայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց. §Եկեղեցւոյ պատմութեանտեսակէտէն կը գտնուինք յոյժ կարեւոր սրբավայրի մը մէջ։ Անտիոքըպատմական այն քաղաքն է, ուր §Քրիստոնեայ¦ անունը առաջինանգամ գործածուեցաւ Տէր Յիսուսի հետեւորդներուն համար եւհետեւաբար կը յիշեցնէ մեր համամարդկային կրօնքի պատմութեանսկզբնական տարիներու Առաքելական շրջանը¦ (Գործ.Առաք. 11.22-26)։

Պատրիարք Հայրը ապա անդրադարձաւ քարայրի պատմականին, որառաջին քրիստոնեաներու կողմէ նախ իբրեւ հաւաքատեղի, ապակարգ մը յաւելեալ  բաժիններով որպէս աղօթարան գործածուած էր,իսկ ներկայիս ալ իբրեւ թանգարան եւ սրբավայր կը պահէր իրայժմէականութիւնը։  Ս. Պետրոս Առաքեալ Անտիոքի մէջ, գուցէ այսքարայրին մէջ քարոզած էր եւ նորահաւատներու առաջին խումբըորպէս եկեղեցի կազմակերպելով իրենց համար եպիսկոպոսձեռնադրած էր։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շարունակեց ըսելով. §Անուններըկարեւոր են։ Ձեր զաւակներուն համար երբ անուններ կ՚ընտրէք, պէտքէ ուշադիր ըլլաք որ անոնք իմաստ ունենան։ Քրիստոնէականաւանդութեամբ ոչ թէ մեր ծննդեան տարեդարձը այլ մեր անուան օրըկը նշենք։ Սուրբգրական դէմք մը եւ կամ Եկեղեցւոյ պատմութեան մասկազմող սուրբի մը անուան յիշատակութեամբ, նոյն անունը կրողներհաղորդ կը դառնան հաւատքի այդ հերոսի վարքին, որ միանգամայնօրհնութիւն եւ ուղեցոյց կ՚ըլլայ իրենց համար։ Այլեւս Պետրոս, Պօղոս,Յակոբի նման սուրբգրական եւ մեր անցեալին հետ նոյնացածանուններ դժբախտաբարլ շատ աւելի նուազ կը գործածուին։ Այսքարայրը կը նկատենք այն վայրը, ուր Քրիստոսի հետեւորդներ առաջինանգամ Քրիստոնեայ կոչումով մկրտուեցան եւ այդ կոչումը իբրեւպատուանուն կրեցին եւ կը կրեն տակաւին։ Բոլորս ալ Քրիստոնեայդարձանք մկրտութեամբ։ Տէր ըլլան մեր կոչումին։ Արդարութիւն ընենքմեր կոչումին։ Պատիւ բերենք մեր կոչումին։ Մեր այսուխտագնացութեան առիթով վերանորոգենք մեր ապաշխարութիւնը,վերանորոգենք մկրտութեան մեր ուխտը։ Գիտակցօրէն Աստուծմէխնդրենք առաւել հաւատք, յոյս եւ սէր¦։

Յուզիչ էր մթնոլորտը, երբ հարիւրաւոր ուխտաւորներ ծնկաչոք ումիաբերան երգեցին §Տէր Ողորմեա»ն եւ Տէրունական Աղօթքը։