ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ՝ Սարգիս Քիւլէկէչի 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կողմէ։

 

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Ուսուցչաց Հիմնարկը, աշակերտաց ու մշակոյթի առաքելութեան ճամբով իր ծառայութեան պիտի շարունակէ յօգուտ համայնքին։

2020 TEAO

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչայիններուն իրենց պաշտօնին մէջ։