ՉԵԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12604643_530866827073205_8709309706348987294_oՉեխ Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս՝ Փեթր Մարէս, 20 Յունուար 2016, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար։ Զրոյցի ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Համայնքի մասին տեղեկութիւն տրուեցաւ այցելու հիւպատոսին։ Ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեանց հարցերու մասին գաղափարի փոխանակումներ եղան։