ՊԱԼԱԹՈՒ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

balat kilisesiՊալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի, 1 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, ժամը 13.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Վերացման Ս. Խաչի Տաղաւարին ուխտագնացութիւն պիտի կատարուէր Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին։ Այցելուները, 14 Սեպտեմբեր 2014, Կիրակի կատարելի տաղաւարի հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ արարողութեանց հանդիսապետելու համար հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած կալուածական զարգացումներու մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ նոյն օրը կը զուգադիպէր նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, այս պատճառաւ ինք ներկայ պիտի չկարենար գտնուիլ Պալաթու մէջ կատարելի տօնակատարութեանց։ Յամենայն դէպս, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան պիտի նախագահէր սոյն հանդիսութեանց եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ պիտի մխիթարէր մերազն հաւատացեալ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Ս. ԽԱՉԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հարկ է նշել թէ, Վերացման Ս. Խաչի նախօրեակին, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եւ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ ամէն տարի կը կատարուին Երեկոյեան եւ Հսկման արարողութիւններ։ Այս առթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներ երբ կը փութան Պալաթու Եկեղեցին, կ՚ապաւինին Ս. Խաչի փրկարար զօրութեան, մոմավառութեամբ կը խոնարհին «Չարխափան Ս. Աստուածածնի» սրբանկարին առջեւ եւ կը դիմեն Տիրամօր բարեխօսութեան։ Կ՚ընթերցուին բժշկութեան աղօթքներ վասն հիւանդաց եւ ամենայն վշտացելոց։ Այս տարի եւս սոյն արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան 13 Սեպտեմբեր 2014, Շաբաթ օրը։