Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Ս. Պատարագը մատոյց Երէց` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան: Ներկայ եղան նաեւ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Հայրը: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները:
Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/376234103701635