ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտօղանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.
badiarkaran logo
ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովը 13 Յունիս 2016 թուի նիստին ընթացիկ հարցերու առընթեր օրակարգի վրայ ունեցած է այն հակազդեցութիւնները, որոնք ծագած են Գերմանիոյ Դաշնակցութեան խորհրդարանին մէջ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող օրինագծի կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտօղանի յղուած նամակին պատճառով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը, իր պատմութեանը ընթացքին ջանացած է բարեացակամ եւ երկխօսական յարաբերութիւններ մշակել երկրի ղեկավարութեանց հետ , նաեւ առաւելագոյն ջանքը ցուցաբերած է, չանտեսելով երկրի հանրային կարծիքի զգայնութիւնները այն նիւթերու մասին, որոնք կը հետաքրքրեն երկրի համայն հանրութիւնը։
Կրօնական ժողովս ըստ հնամենի կիրառմանց եւ աւանդութեանց կարծիք չյայտներ քաղաքական եւ իրաւական հարցերու շուրջ։ Ի բացակայութեան այն մարմիններուն, որոնք լիազօրուած պիտի ըլլային արտայայտուելու յանուն համայնքի, սոյն պարտականութիւնը կը ստանձնէ օրուան Աթոռակալ Սրբազան Պատրիարքը։ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառով, սոյն պարտականութիւնը իր վրայ առած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, սոյն պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ համայնքային հաստատութեանց կարգ մը վարիչներու եւ առաջատար բարերարներու ներկայացուցած պահանջքին ընդառաջելով գրի առած է սոյն նամակը, Գերմանիոյ Խորհրդարանի կայացուցած որոշումին կապակցութեամբ։ Բարձր. Սրբազան Հայրը հետեւած է Աթոռին ծառայած նախկին Աթոռակալ Պատրիարքներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու օրինակին։
Սկզբունքով նամակագրութիւնը տեղին կը նկատենք։ Սակայն ապագային որպէսզի համայն պատասխանատուութիւնը չբեռցուի սոսկ Պատրիարքական Աթոռին վրայ, պատշաճ կը նկատենք եւ ակնածանօք կը յայտնենք, թէ նման արտայայտութիւնները գրի առնուին լայնանիստ խորհրդակցական հանդիպումներով, նկատի ունենալով որոշ զգայնութիւններ։
Տխրութեամբ կը հետեւինք թէ, նամակի պարունակութեան մասին եղած քննադատութիւնները, գերզգայնութեան պատճառաւ անդրանցնելով քննադատութեան սահմանները, հասած են նախատինքի, սպառնալիքի եւ նուաստացման մակարդակին։ Մեր համայնքի անդամները կը հրաւիրենք, որ որդեգրեն խղճամիտ եւ պաղարիւն կեցուածք ու հասկացողութեամբ մերձենան սոյն նամակին, նկատի առնելով մեր երկրի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային իրականութիւնները, Օսմանեան Հայոց 100 տարի առաջ ենթարկուած Մեծ Եղեռնի կապակցութեամբ։
Մեր Քրիստոնեայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կը յիշեցնենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՚ըսէ. «Մի դատէք երեւոյթին համեմատ, հապա դատեցէք արդարութեամբ» (Յովհ. 7.24) եւ կը մաղթենք, որ սէրն ու հանդուրժողութիւնը տիրէ սիրտերու մէջ։
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ