ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԻՐ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՎերջերս կայքէջերու վրայ յանուն Հայ համայնքի կատարուած հրապարակումներու, ինչպէս նաեւ գործունէութեանց կապակցութեամբ  Պատրիարքական Աթոռը, իր ցաւը յայտնեց, նաեւ թարգման հանդիսանալով համայնքի սրտցաւ անդամներու ընդվզումին։

Պատրիարքական Աթոռը, ընդգծեց թէ անհատներ ազատ են իրենց գաղափարները յայտնելու, որոնք կը կրեն սոսկ անհատական բնոյթ։ Նաեւ շեշտուեցաւ, թէ գաղափար յայտնելու ազատութիւնը անսահման չէ եւ այդ ազատութիւնը կարելի չէ օգտագործել առանց նկատի ունենալու հանրութեան անդորրութիւնը։

Պատրիարքական Աթոռը յիշեցուց, թէ ըլլալով Թուրքիոյ Հայ Համայնքին հոգեւոր կեդրոնը, պետական, պաշտօնական, դիւանագիտական եւ կրօնական աւագանիին կողմէ իր այս հանգամանքով կը ճանչցուի որպէս ներկայացուցիչը Հայ Համայնքին։ Արդէն իսկ, այդ հանգամանքով է, որ ըստ հնամենի աւանդութեան,  ի պահանջել հարկին իր խօսքը կþունենայ համայնքի կրօնական, բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութեանց եւ կամ ընդհանրապէս հանայնքի հետ առընչուած հարցերու կապակցութեամբ։

Անհատներ եւ կամ մարմիններ իրաւասութիւն չունին յանուն համայնքի արտայայտուելու եւ կամ գործելու։ Նման անպատասխանատու արտայայտութիւններ եւ կամ գործունէութիւններ, չեն առընչուիր Պատրիարքական Աթոռին եւ Հայ Համայնքին հետ, նաեւ չեն ցոլացներ  բոլոր համայնքին զգացումներն ու գաղափարները։ Նաեւ այս տեսակի արտայայտութիւններ եւ գործունէութիւններ չեն կրնար համայնքի դիրքաւորումէն աւելի գերակայ դիրքի մը հասնիլ։

Պատրիարքական Աթոռը, յիշեցուց Ս. Գրքի խօսքը. «Մտիկ ըրէք ձեր առաջնորդներուն եւ հնազանդեցէք անոնց, որովհետեւ անոնք կը տքնին ձեր հոգիներուն համար, քանի որ հաշիւ պիտի տան ձեր փոխարէն. եւ անոնք ուրախութեամբ թող ընեն այդ բանը եւ ոչ թէ հառաչելով. բան մը՝ որ օգուտ չի տար ձեզի (Եբրայեցիս, 13.17)»։

Այս տեսութիւնները հաղորդուեցան նաեւ տեղական պաշտօնական մամլոյ մարմիններուն։