ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ 560 ՏԱՐԵԿԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

188906706_1853074464852428_5038892654479875949_nԸստ աւանդութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը ամէն տարի կը նշուի Հոգեգալստեան Տօնին։ Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ նշել այս պանծալի յիշատակութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ, Աթոռոյս հաստատման տարեդարձին առթիւ կատարուեցաւ հոգեւոր արարողութիւն, զոր տեսասփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջէն։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 22 Մայիս 2021, Շաբաթ, յետ միջօրէին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատրիարքական Մաղթանք», որ առիթ դարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ սուրբ առաքելութեան անսասանութեան համար աղօթելու։ Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանաներ, ժառանգաւոր սաներն ու Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։190016954_1853074434852431_3197873588535596339_nԱրարողութեան սկիզբը Նորին Ամենապատուութիւնը ի ձեռին ունենալով Պատրիարքական Աթոռոյ պատմական մականը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ տաճար, ուր նախագահեց արարողութեան։ Յընթացս արարողութեան երգուեցան Հոգեգալստեան շարականներ, որոնց մէջ «Կենդանարար Աստուած» շարականը յատուկ նշանակութեան արժանացած է Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն մօտ։ Մաղթանքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Պատրիարքական դարաւոր Աթոռն եւ մեր համայնքը։ Սոյն արարողութիւնը առիթ դարձաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Պատրիարքական Աթոռոյս մասնաւորապէս շինութեան, բարեկարգութեան եւ անսասանութեան համար։190160697_1853074471519094_7300508631635201203_nԱրարողութեան աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը արտասանեց իր պատգամը, որուն ընթացքին 560 տարեկան դարձած Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատման յիշատակութիւնը կարեւոր անկիւնադարձ մը որակեց։ Յիշեցուց, թէ Պոլիսը անցեալին օրրանը դարձած է արեւմտահայերէնի կերտման, զարթօնքի եւ փառահեղ ազգային գործիչներու շարանին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շարունակեց.

«Ուրախ ենք եւ հպարտ, քանի 560 տարուան ժառանգը հասած է մեր օրերուն։ Տակաւին մեր պայմաններով ունինք պատկառելի ներկայութիւն մը այս քաղաքին մէջ եւ այս մէկը ամբողջ Հայութեան համար մեծ վկայութիւն մըն է։ Ունինք այս երկրին մէջ եկեղեցիներ, դպրոցներ հանդերձ իրենց աշակերտներով, ունինք միաբանութիւն, եկեղեցականաց դաս, սարկաւագներու եւ դպիրներու փաղանգ, երգչախումբեր, վարչայիններ, հիւանդանոցներ, մամուլ եւ իր եկեղեցիին կապուած համայնք մը։ Հետեւաբար ունինք ըսելիք խօսք եւ ընելիք գործ։ Ինչպէս մեր նախնիքը ոտքի պահեցին, մենք ալ մեր կարգին պիտի ջանանք ոտքի պահել զայն՝ եկեղեցական դասով ու աշխարհական զաւակներով»։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ թէ՝ ներկայ դարուս յառաջացումը իրաւ է թէ՝ կը զարգացնէ մարդկային կեանքը, սակայն միւս կողմէ բարդութիւններու դուռ կը բանայ։ Զանազան յուսալքիչ երեւոյթներ մեր ժողովուրդը շատ ատեն կը մատնէր յուսախափութեան, սակայն եկեղեցին իր յոյսը երբեք չէր կորսնցուցած։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ եկեղեցին պէտք է լուսաւորող ըլլալու առաքելութեան շարունակէ, իր հիմնադրին՝ Յիսուս Քրիստոսին անունը տարածելով։ Մաղթեց նաեւ, որ եկեղեցիէն ճառագայթող լոյսը ճամբան շուարածներու համար լոյս դառնայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, այս առիթով գնահատեց Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ըսելով որ անոնք Իր ամենէն մերձաւոր օգնականներն են։ Այս առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց հոգեւորականաց դասուն, համայնքային կառոյցներուն եւ հաւատացեալներուն վրայ։

Պատրիարք Հայրը, նախ քան վերջին օրհնութիւնը, նկատի ունենալով Աթոռոյս տարեդարձը, նաեւ գեղեցիկ անակնկալով մը Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբբեանին շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւնը։ Այս առիթով մաղթեց որ Ս. Խաչի սպասաւորներ, խաչի զօրութեամբ արժանանան Տիրոջ օրհնութեան։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը թափորով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։

 

  • 188384498_1853074521519089_1000443129424001439_n
  • 188906706_1853074464852428_5038892654479875949_n
  • 189471995_1853074361519105_2741635143580157515_n
  • 188833037_1853074391519102_116172418651092319_n
  • 188546179_1853074371519104_6416307454920655654_n
  • 188820958_1853074348185773_4566769044569557611_n
  • 189625425_1853074468185761_672941476713702341_n
  • 190160697_1853074471519094_7300508631635201203_n
  • 190016954_1853074434852431_3197873588535596339_n
  • 189779361_1853074514852423_5001558463804710423_n
  • 190422843_1853074338185774_624698254193798608_n