ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՄԱՍԻՆ ՂԱՐԱՊԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

LOGO

Իսկապէս ցաւառիթ պարագայ մըն է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պետութիւնները չեն կարողացած շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող Ղարապաղի հարցը սեղանի վրայ լուծել։

Երկիրներու միջեւ զինեալ բաղխումներն ու պատերազմները կողմերուն եւ մարդկութեան համար կը յայտնուին ահաւոր կործանման եւ կորուստի նշանակութեամբ։ Ըստ մեր կրօններու հրամայականին, կ՚աղօթենք որ ժամ առաջ խաղաղութիւնը հաստատուի, զէնքերը լռեն եւ կարելի ըլլայ արդար եւ մնայուն համաձայնութիւն մը գոյացնել։

Այս խաղաղութեան հաստատութեան մէջ Թուրքիոյ ստանձնելիք դերը անժխտելի կարեւորութիւն կը զգենու։ Որպէսզի Կովկասեան երկիրներու աշխարհագրական շրջանը խաղաղութեան վայրի մը վերածուի, հարկաւոր է շահագրգռուող պետութիւններու եւ ժողովուրդներու փոխադարձ զոհողութիւններն ու ներդրումը։

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները երկար դարեր խաղաղութեան մէջ միասնաբար ապրելու եւ գոյատեւելու փորձառութիւնը ունին։ Մեր ամենամեծ մաղթանքն ու աղօթքն է որ «Եղբայր Ազերի եւ Հայ ժողովուրդները» ասութիւնը ներկայ սերունդներու կողմէ եւս վերահաստատուի։

Յիշեցնելով Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» խօսքը, խաղաղութիւն հաստատելու իշխանութիւն ունեցողները կը քաջալերենք, որպէսզի այս ուղղութեամբ իրենց ջանքերը բազմապատկեն։

Անկասկած, կորուսեալ իւրաքանչիւր անձ թանկագին է եւ պատերազմի իւրաքանչիւր օրը անփոխարինելի կորուստներու ծնունդ կու տայ եւ կը բանայ՝ անդարմանելի վէրքեր։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետզհետէ սաստկացող պատերազմին ժամ առաջ դադարման եւ խաղաղութեան համար վերստին առիթ ընծայելու հարկաւորութեան նկատմամբ սնուցած մեր հաւատքով, մահացած զինուորներուն եւ ժողովրդային անհատներուն կը հայցենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ մնացողաց կը մաղթենք համբերութիւն։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ