ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ՍԿՍԱԾ Է ԳՈՐԾԵԼ

Kategori: Կարճ լուրեր

site 2Պատրիարքական Աթոռոյ պաշտօնական լուրերը հրատարակելու համար նախապէս կը գործածուէր «www.lraper.org»  կայքէջը։ Վերջին շրջաններուն թէքնիք պատճառներով էջի վրայ փոփոխութիւններ կատարել անկարելի եղած էր։ Այս պատճառաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի օրհնութեամբ, աշխատութիւններ սկսան նոր կայքէջ մը պատրաստելու համար, որպէսզի արդիական կայքէջով մը օժտուէր Պատրիարքական Աթոռը։ Երկար ժամանակէ ի վեր կատարուած աշխատանքը այսօր աւարտած է։

Հետ այսու Պատրիարքական Աթոռոյ լուրերը պիտի հրատարակուին նոր կայքէջ՝ «www.turkiyeermenileripatrikligi.org»ի մէջ։

Կայքէջին նորութիւնը այն է թէ՝ ո՛չ միայն լրատուութեան համար պատրաստուած է սոսկ։ Այցելուներ առիթը պիտի ունենան գտնել Պատրիարքական Աթոռոյ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր, Կրօնական Ժողովոյ, Հոգեւորականաց Դասու, Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի, Օրմանեան Մատենադարանի մասին տեղեկութիւններ։

Այցելուներ պիտի տեսնեն նաեւ, Պատրիարքական Աթոռոյ իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործող եկեղեցիներու, համայնքային հաստատութիւններու, դպրաց դասերու, միութիւններու, գերեզմանատուներու, մամուլի մասին տեղեկութիւններ։ Պատմութեանց առընթեր տեղադրուած են նաեւ վիտէոներ։

Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութեանց համար ալ բաժին մը յատկացուած է։ Գրասէր անձինք կարելիութիւնը պիտի ունենան ծանօթանալու Աթոռոյ հրատարակած գիրքերուն, հանդերձ գիրքերու նկարներով եւ ծանօթութիւններոով։