ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒՆ

Kategori: Համայնքային

bedros sirinogluՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 29 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ միջօրէին ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուն։ Շուրջ մէկ ժամ տեւող ընդունելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը իր ցաւը յայտնեց, թէ մամլոյ եւ թէ համայնքային շրջանակներու մօտ երկար ժամանակէ ի վեր տեղ գտած էին զանազան արտայայտութիւններ, որոնք այն երեւոյթը կը պարզէին, թէ լուրջ տարակարծութիւններ կային մէջտեղը։ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, թէ Տիար Շիրինօղլու ծանօթ էր իր շինարար գործունէութեամբ յօգուտ մեր համայնքին եւ ի մասնաւորի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին։ Իր գլխաւորած հոգաբարձութեան տարած աշխատանքներով մեր Գթութեան Յարկը հասած էր նախանձելի դիրքի։ Ընդգծեց, թէ որպէս նուիրական եւ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձնաւորութիւն, պէտք էր խուսափեր այնպիսի արտայայտութիւններէ, որոնք կրնային իրենց ժխտական անդրադարձը ունենալ մեր համայնքային կեանքին վրայ։

Տիար Պետրոս Շիրինօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Նորին Սրբազնութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած էր հայրական մերձեցումով ընդունելու զինքը եւ փոխադարձաբար զրուցելու առկայ երեւոյթին մասին։ Տիար Շիրինօղլու, յայտնեց թէ իր խօսքերը սխալ հասկցուած էին։ Մանաւանդ ցաւ յայտնեց, թէ իր խօսքերը, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր վերագրուած խօսքերը զանազան մեկնաբանութիւններով հասած էին իրենց հասցէներուն, տեղի տալով դիւրիմացութեան։

Նորին Սրբազնութիւնը, թելադրեց որ երբ զգալի դառնար սրտցաւ արտայայտութիւններ ունենալ  Պատրիարքական Աթոռի հետ կապուած հարցերու կամ նեղութիւններու շուրջ, լաւ  կþըլլար նախ եւ առաջ խօսակից ընդունիլ Պատրիաքական Աթոռը, որպէսզի կարելիութիւն ընծայուէր երկկողմանի խորհրդակցութեան, բան մը որուն օգուտը անուրանալի է։ Բնականաբար նոյնը ի զօրու էր նաեւ համայնքային կամ թաղային որեւէ հաստատութեան հետ առընչուած հարցերու գոյութեան պարագային։ Փոխանորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը հոգեւոր կեդրոնն է համայնքին եւ իր դռները բաց կը պահէ մեր համայնքին առջեւ։ Համայնքը կարիքն ունի խաղաղութեան եւ միասնականութեան, որուն մէջ կը կայանայ առողջ գոյատեւումը կրօնական, հոգեւոր, բարոյական եւ մշակութային արժէքներով։

Տիար Շիրինօղլու կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ունկնդրութեան առիթին համար, որ բնականաբար ինքնին պիտի ունենայ իր դրական անդրադարձը եւ մեր ժողովուրդը տեղին ու առողջ դատումով պիտի նշմարէ, թէ երեւոյթը պարզուածէն տարբեր է եւ ինք որդիական սէր եւ յարգանք ունի հանդէպ Պատրիաքական Աթոռին եւ Նորին Սրբազնութիւնը հայրական հոգածութեամբ կը հովանաւորէ իր գործունէուիւնը, որ կը ձգտի միայն ու միայն մեր համայնքի շինութեան եւ պայծառութեան։ Վստահութիւն յայտնեց, թէ այս սիրալիր հանդիպումին արձագանքը պիտի բուժէ դիւրիմացութեանց պատճառաւ գոյացած վերքերը։

Նորին Սրբազնութիւնը, այս առթիւ իր օրհնութիւնները տուաւ Տիար Շիրինօղլուի եւ իր գլխաւորած հոգաբարձութեան պատուարժան անդամներուն։