ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 14 Սեպտեմբեր 2014, Կիրակի, ուշ ժամերուն օդային ճամբով  մեկնեցաւ Հայաստան։

Նորին Սրբազնութիւնը, պիտի մասնակցի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցական – Ներկայացուցական Ժողովի նիստերուն։ Իսկ, 17 Սեպտեմբեր, Չորեքշաբթի Տքթ. Մարտիրոս Եէնիեորկան եւ Վազգեն Պարըն, Հայաստան պիտի մեկնին, մասնակցելու համար Եկեղեցական – Ներկայացուցական Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենան 18-20 Սեպտեմբերին։

Տքթ. Մարտիրոս Եէնիեորկան եւ Վազգեն Պարըն 22 Սեպտեմբեր, Երկուշաբթի իսկ Արամ Արքեպս.  25 Սեպտեմբեր, Հինգշաբթի պիտի վերադառնան քաղաքս։