ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՊ. Տ. ԼԵՒՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՍՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

hayr levon (3)Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպ. Աթէշեան, 13 Սեպտեմբեր 2014, Շաբաթ Երեկոյեան, մասնակցեցաւ Քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ Առաքելական Գործակատար՝ Գերպ. Լեւոն Ծ. Վրդ. Զէքիեանի եպիսկոպոսական ձեռնադութեան եւ օծման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գերերջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան եւ Բրկ. Պարէտ Կ.Սրկ. Պալըքճեան։

hayr levon (4)Ձեռնադրութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ընդգծեց նորօծ Սրբազան Հօր արժանիքները եւ շեշտեց թէ Հայ Կաթողիկէ համայնքին առընթեր կ՚ուրախանար նաեւ Հայ Եկեղեցին, նկատելով որ երկու քոյր եկեղեցիներ ունին լեզուի, մշակոյթի եւ ծիսական հասարակաց արժէքներ։ Նախ եւ առաջ փոխանցեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնդակցութիւնները եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան ուղարկած պանակէն։ Ապա յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, հոգեւոր դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին խնդակցութեան ի նշան Գերապայծառ Լեւոն Արքեպս.ին նուիրեց երկրորդ պանակէ մը։ Սոյն դրուագը արժանացաւ ներկաներու խանդավառ ծափահարութեան։

  • hayr levon (1)
  • hayr levon (2)