ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 28 Յուլիս 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան օդային ճամբով  մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։

Նորին Սրբազնութիւնը, յաջորդ շաբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։