ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԴՍՏԵՐ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի յատուկ հրաւէրով, 14 Մայիս 2016, Շաբաթ, պիտի մասնակցի Վսեմաշուք Նախագահին սիրելի դուստր Սիւմէյյէ Էրտօղանի եւ Սէլչուք Պայրաքթարի հարսանիքի արարողութեան։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հալքալը Եահեա Քէմալ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։