ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՍԻԼՎԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Արամ Արք Աթէշեան 11 Սեպտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Տիգրանակերտի գիւղաքաղաքներէն Սիլվան՝ իր ծննդավայրը, հետն ունենալով Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան եւ Տէր Զոհրապ Քահանայ հայրերը:

silvan 2Արամ Սրբազան հայրը ընտանեօք Սիլվանէն Տիգրանակերտ գաղթած էր չորս տարեկանին: Արամ Սրբազան, նախ հանդիպում ունեցաւ Գաւառապետ ՊէրքանՍէօնմեզայի հետ: Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ կատարուած զրոյցի ընթացքին փոխանակուեցան խաղաղութեան, լայնախոհութեան եւ ազատութեան պատգամներ: Գաւառապետը Սրբազան հօր նուիրեց վրան Մալապատի Կամուրջի կաղապարը փորագրուած ափսէ մը։

Անատոլուի հնագոյն բնակավայրերէն մէկն է Սիլվան, վաղ շրջաններէն սկսեալ, որ եղեր է Մեծն Տիգրանի հիմնած բուն քաղաքը: Արամ Սրբազան եւ ընկերակիցները, ոստիկանական բարձր ապահովութեամբ շրջեցան պատմական վայրերը, դժուար մաքլցումով մը հասան հռչակաւոր Հասունի Քարայրները եւ Եկեղեցին: Կէսօրուան ճաշով պատուասիրուեցան Բարձր. Արամ Սրբազանի քրոջ թոռնիկին՝ Ասլան Պաքըրի կողմէ, մասնակցութեամբ գաւառապետին եւ բազմաթիւ այլ հիւրերուն:
Այցելութեան վայրերէն մէկը եղաւ նաեւ, երգերու նիւթ դարձած յայտնի Մալապատի Կամուրջը, որ նորոգութեան մէջ էր տակաւին:

silvanՊաշտօնական այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ, Սիլվանի քաղաքապետ՝ Ֆատըլ Էրտեքին։ Քաղաքապետը անձամբ եկեղեցականները առաջնորդեց դէպի նոր կանոնաւորելի հանրապարտեզը, որուն մէջ նաեւ կը ծրագրուէր բացօթեայ թանգարան մը սարքել պատմական առարկաներով:

Իսկ Սիլվան քաղաքի մէջ այցելութիւն տրուած երկու մզկիթները, նախօրոք եղած էին Հայոց եկեղեցիներ: Միջնադարուն մզկիթի վերածուած Սելահատտին Մզկիթը, քաղաքի մեծագոյն եւ հնագոյն պատմական կառոյցն էր: Իսկ Պելետիյէ Մզկիթի շէնքը, որ նախապէս  հայկական եկեղեցի մըն էր, զանազան նպատակներով օգտագործուելէ յետոյ, ի վերջոյ վերածուեր էր մզկիթի: Արամ Սրբազան, պտոյտներու ընթացքին կը շրջէր իր սքեմով եւ ժողովուրդի մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնար: Սրբազանը անոնց հետ կը խօսէր քրտերէն, ինչ որ զարմանք կ՚առթէր իրենց մօտ։

Արամ Սրբազանի իր ծննդավայրը այցելելու բուն նպատակն էր իր երիցագոյն քոյրը եւ անոր ընտանիքը տեսնել ու անոնց հետ ժամանակ անցնել: Իրենց տան տրուած այցելութիւնը յուզումնալից անցաւ: Բաւական ծերացած քոյրը տակաւին հայերէնը չէր մոռցած:

Տիգրանակերտի օդակայանի ճամբուն վրայ այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Սուր թաղաշրջանի քաղաքապետ՝ Ապտուլլահ Տէմիրպաշին։ Քաղաքապետը հայերու բարեկամ անձնաւորութիւն մըն է, որ մեծապէս կը սատարէ հայ համայնքին եւ եկեղեցիին: Եկեղեցական հայրերը նոյն գիշեր ժամանեցին Պոլիս: