ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՏՄԷՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Kategori: Աշխարհական

davutoglu-azinlik-temsilcilerine-hitap-ediyor_mՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, 2 Յունուար 2015, Ուրբաթ, յետ միջօրէին, մասնակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի Տոլմապահչէ Պալատի մէջ սարքած ճաշկերոյթին։ Սոյն ճաշկերոյթին նպատակն էր ճաշասեղանի շուրջ բոլորուիլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորել իրենց Ամանորը։

Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչ Մէհմէտ Կէօրմէզ, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք, Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին, Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Քաղդէացւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան եւ Ստանպուլի Միւֆթիւ Ռահմի Եարան։  Հոգեւորականներու առընթեր ներկայ եղան նաեւ Վարչապետ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդականներէն՝ Էթիէն Մահչուպեան։

Վարչապետ Տավուտօղլու ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ուրախութիւնը յայտնեց թէ տարբեր կրօնքներու ներկայացուցիչներու հետ սեղանակից կ՚ըլլար։ Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ կ՚այացած հանդիպմամբ տարբեր կրօնքներու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներու նոյն սեղանի շուրջ ի մի համախմբումը, կը պարզէր գեղեցիկ տեսարան մը։ Մասնակիցներ ունենալով հանդերձ հաւատքի, մշակոյթի եւ աւանդութեան տարբերութիւններ, ցոյց կու տային թէ ունէին հասարակաց արժեքներ։ Յիշեցուց թէ երկրի բոլոր հայրենակիցները հաւասար իրաւատէրերն էին առանց ցեղի, մշակոյթի եւ հաւատքի տարբերութեան։

Վսեմաշուք Վարչապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ սեղանակիցներու մասնակցութեամբ պարզուած գեղեցիկ տեսարանին ընդմէջէն կարելի կ՚ըլլար հասարակաց գաղափարի մը արտայայտութիւնը, ընդդէմ ամէն տեսակի ճնշման, հալածանքի եւ խտրութեան։

Վսեմաշուք Վարչապետը իր խօսքերու աւարտին շնորհաւորեց, Իսլամաց Մէվլիտի Տօնը, Քրիստոնեաներու Ս. Ծննդեան Տաղաւարը, Հրէից Հանուքա Տօնը։ Մաղթեց որ 2015-ը ըլլայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամներով լեցուն տարի մը։