ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԵԱՇԱՐ ՔԷՄԱԼԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Աշխարհական

yasar kemalՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան անուանի գրչի մշակ եւ մտաւորական Եաշար Քէմալի Մահուան առթիւ ցաւակցականներ ուղարկեց Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմ. Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, Վարչապետ Փրօֆ. Տքթ. Ահմէտ Տավուտօղլուի, Մշակոյթի եւ Զբօաշրջութեան Նախարար՝ Էօմէր Չէլիքի եւ հանգուցեալի այրիին՝  Այշէ Սէմիհա Պապանի։ Նորին Սրբազնութիւնը, յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Պատկ, Կրօնական Ժողովոյ եւ Հայ համայնքի ցաւակցութիւն յայտնեց մեծանուն գրագէտի մահուան առթիւ, անդրադառնալով հանգուցեալի վաստակին։ Յատկապէս յիշեց անոր որդեգրած ազնիւ կեցուածքը, վասն պաշտպանութեան համամարդկային արժէքներու։ Նաեւ ընդգծեց թէ, Եաշար Քէմալ անցեալին կարեւոր դեր ունեցած էր պատմական եւ գեղարուեստական իր արժէքովը ծանօթ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին ստոյգ քանդումէ մը ազատելու ուղղութեամբ։

Բաց աստի, Սրբազան Հայրը 2 Մարտ 2015, Երկուշաբթի անձնապէս ներկայ գտնուեցաւ  Թէշվիքիյէ Մզկիթին մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի այրիին եւ այլ ընտանեկան պարագաներուն։