ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կրօնական,Փաստաթուղթեր

Nativity Wallpaper

Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով

եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց

(Փիլիպեցիս, 2.7-8)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Ամանորի երջանկաբեր մթնոլորտը կը գունաւորուի եւ կը հարստանայ, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին յառաջացուցած խանդավառութեամբ եւ մեր սրտերը կը լեցուին կրկնակի հոգեւոր ուրախութեամբ։

Պատմութեան էջերը կը վկայեն, թէ որեւէ պատերազմի մը պարագային, պարտուած կողմը ի նշան պարտութեան կը ստիպուի ընդունիլ իրեն պարտադրուած զինադուլի պայմանները եւ կը խոնարհի յաղթական կողմին առջեւ։ Հակառակ այս բոլորին, տիեզերական պատմութիւնը կþաւանդէ խոնարհութեան եզակի օրինակ մը, որ բոլորովին տարբեր է աշխարհիկ պատերազմներու հետ առընչուած պարտուածներու մատնուած խոնարհութեան վիճակէն։ Այդ եզակի եւ անկրկնելի օրինակը արձանագրուեցաւ Աստուծոյ Խօսքին մարդեղութեամբը։ Պօղոս Առաքեալ, երբ խոնարհամտութեան մասին Փիլիպպեցիներուն կը գրէր, իր տողերուն մէջ իբրեւ տիպար կը ներկայացնէր Քրիստոսը, որ իր անձը ունայնացուցած էր ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցնելով։ Քրիստոսի յանձն առած խոնարհութիւնը, յիրաւի տարբեր էր պարտութիւն կրելով խոնարհած անձերու մատնուած պարտադիր վիճակէն։ Աստուած անպարտելի է։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Միածին Որդին եւս անպարտելի ըլլալով, չէր կրնար պարտուած մը ըլլալ, այլ ընդհակառակը աշխարհ կու գար, չարին առջեւ խոնարհած մարդը վերստին բարձրացնելու, զայն մեղքի կապանքներէն փրկելու եւ սատանային վերջնականապէս յաղթելու աստուածային առաքելութեամբ։ Քրիստոսի յաղթանակը կանխագուշակած էր Եսայի Մարգարէն. «Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ, եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։ …Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն, վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան» (52.13-15)։

Արդարեւ, Աստուած «Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ» (Եբրայեցւոց 1.1-2)։ Այս անզուգական եւ սքանչելի դէպքը, աստուածային տնօրինութիւն մը ըլլալով իր մէջ կը պարփակէ խորիմաստ պատգամ մը։ Այդ պատգամը յայտնաբերումն է Աբրահամ նահապետին տրուած խոստումին. «Քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի ու անոր անունը Իսահակ պիտի դնես։ Անոր հետ ու անկէ ետքը անոր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը» (Ծննդոց, 17.19)։ Աստուած, որ հաւատարիմ է Իր խոստումին, յիշելով իր ողորմութիւնը, աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, փրկելու համար յոտից ցգլուխ մեղքի տիղմին մէջ թաթախուած մեղաւորը։

Աստուծոյ խոստումին իրականացման դէպքը կը զուգադիպէր բոլորովին աշխարհիկ նպատակներ հետապնդող պաշտօնական գործունէութեան մը հետ։ Աշխարհակալութեան մը միահեծան ինքնակալին՝ Օգոստոս Կայսեր հրամանն էր սա մարդահամար կատարելու։ Հին Ուխտի Մարգարէներէն Միքիա, կանխագուշակած էր, թէ Աստուծոյ Օծեալին ծնունդը, տեղի պիտի ունենար Բեթղէհէմի մէջ (Միքիա, 5.2)։ Օգոստոս Կայսեր մարդահամար կատարելու հրամանը, առիթ ընծայեց, որ Աստուծոյ խոստումը իրականանար Դաւիթի քաղաքին մէջ։ Կայսրութեան մարդաբնակութեան եւ տնտեսական վիճակը քննարկելու առումով արձակուած այս հրամանը կը միտէր աշխարհիկ նպատակներ։ Սակայն այդ հրամանը դուռ բացաւ, որ Բեթղէհէմը՝ Հացի տունը, յիրաւի արդարացնէր իր անունին իմաստը, եւ դառնար՝ Կեանքի Հացին ծննդավայրը։ Ամէն անգամ, որ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, պատարագիչը առաջադրութեան պահուն կþաղօթէ ըսելով. «Տէր Աստուած մեր, դուն՝ փրկիչ, ապրեցուցիչ եւ բարերար, որ մեզի ղրկեցիր քու երկնաւոր Հացդ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, իբրեւ կերակուր ամբողջ աշխարհին համար, որպէսզի մեզ օրհնէ, եւ սրբէ» (Խորհրդատետր)։

Թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը, հանդէպ՝ այս անզուգական խոնարհութեան։ Կþուզե՞նք սնանիլ Կեանքի Հացով, որպէսզի երբեք չանօթենանք հոգեւոր առումով։ Կ՚ուզե՞նք որ Քրիստոս այցելէ եւ բնակի մեզի հետ, որպէսզի բաժին հանէ իր խոնարհութենէն։ Կþուզե՞նք մեր սրտերը Քրիստոսի համար օթեւաններու վերածել, որպէսզի Իր պատրաստելիք երկնային օթեւաններուն մէջ կարենանք տեղ ունենալ։ Որպէսզի արդարանան այս հարցումներուն տրուած դրական պատասխանները, պարտինք խոնարհիլ անպարտելի Աստուծոյ հզօր կամքին առջեւ եւ գործակցիլ Իրեն, մեր կեանքերը կենսաւորելու առաջադրութեամբ։ Կþուզե՞նք տեսնել խոնարհողներու ներկայութիւնը. նայինք Բեթղէհէմի մսուրին։ Հոն են Սուրբ Կոյս Մարիամը, Յովսէփը, աղքատ հովիւները եւ մեծատուն մոգերը, որոնք շրջապատած են Մանուկ Յիսուսը եւ ունին իրենց պատգամները բոլորիս, զորս կարելի է կարդալ եւ ըմբռնել Սուրբ Աւետարանի ընթերցումով։ Թափանցենք այս պատգամներու իմաստին եւ ունենանք աներեր հաւատք, զգալու համար Աստուածայայտնութեան խորհուրդին իմաստը։ Ըմբռնենք, թէ «ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է» եւ մեր վրայէն թօթափենք «խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած հին մարդը, նորոգուինք մտքով ու հոգիով։ Հագնինք, նոր մարդը որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփեսացիս, 4.21-24)։

Աստուածայայտնութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ հաւատացեալներ ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս կու գան միանալ մեզի, ցուցաբերելով աղօթքի զօրակցութիւն։ Կը շարունակենք աղօթել համայն աշխարհի խաղաղութեան համար. մեր երկրի ղեկավարներուն եւ անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն համար. հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկիրներու բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Աստուածային Փառքի ծագման աւետիսը առիթ մը ըլլայ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն՝ տիրոջ Օծեալին, Յիսուսի Քրիստոսի խոնարհութեան օրինակը ընդգրկելու. Քրիստոսի սիրով գօտեպնդուելու եւ որպէս ի Քրիստոս եղբայրներ եւ քոյրեր ծառայելու՝ Աստուծոյ փառքին, եկեղեցեաց պայծառութեան եւ մեր հոգեւոր շինութեան եւ մխիթարութեան։ Այս սրտազեղ բարեմաղթանքները կեանքի կոչելու եւ պտղաբերելու յոյսով ողջունենք զիրար ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.
Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամն»րը։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ