ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Kategori: Եկեղեցական

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Դիւանէն ստացուած հրաւէրին համաձայն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան կը մեկնի Հայաստան` մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի նիստերուն, զորս տեղի պիտի ունենան 29 Մայիս – 1 Յունիս 2018 թուականներուն միջև։

Ժողովի նախօրեակին` 26 Մայիս թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ նախատեսուած է նաև Հայաստանի Հանրապետութեան ու Մայիսեան հերոսամարտի 100 ամեակի յոբելեանները կատարել։

Նորին Սրբազնութիւնը կը վերադառնայ Աթոռ ԳՀԽի ժողովներէն ետք։