ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

basbakan recep tayyip erdoganՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 1 Մայիս 2014, Հինգշաբթի առաւօտ ժամը 9.00-ի թռիչքով Անգարա մեկնեցաւ իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ Գարակէօզեան Որբանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։

Սրբազան Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունուեցաւ Մեծայարգ Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ։ Ընդունելութեան ընթացքին Արամ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց 1915-ի դէպքերուն կապակցութեամբ Մեծայարգ Վարչապետի ըրած պատմական յայտարարութեան մասին։

ankara disisleri

Այս հանդիպումէն յետոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրն ու իր հետեւորդները ժամը 12.00-ին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնարանին մէջ ընդունուեցան Նախարար՝ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։ Մեծայարգ Նախարարը ճաշասեղանով պատուեց հիւրերը։ Այս հանդիպումին ընթացքին Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապէն Թուրքիա ապաստանած Հայոց նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան պատրաստակամութեան համար։
Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս եւ իր հետեւորդները ժամը 16.00-ի թռիչքով վերադարձան Ստանպուլ։