ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

26167465_882319781927906_1511910796304424217_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 9 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, կը մեկնի Գերմանիա, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։ Իր կեցութեան օրերուն Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Թեմական պաշտօնական մարմիններու մասնակցութեամբ ընդհանուր ժողով պիտի գումարուի, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը Գերմանիոյ Առաջնորդութեան պաշտօնէն պիտի հրաժարի, որպէսզի Գերմանիոյ Թեմէն ներս պաշտօնի կոչուի նոր առաջնորդական Տեղապահ մը։ Գարեգին Սրբազան Հայրը՝ որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Տեղապահ պաշտօնի կոչուելէն յետոյ, առաջնորդական փոխանորդ մը նշանակած էր ու գործնականապէս հեռացած՝ Առաջնորդական պաշտօնէն ։ Իսկ, Յունուար ամսուան մէջ կատարելի նիստերու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը այլեւս պաշտօնապէս հեռացած պիտի ըլլայ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդութեան պաշտօնէն։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, 25 Յունուարին պիտի վերադառնայ Պոլիս։