ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐՉԱԽՈՒՄԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը, իր կազմութեան 85 ամեակին ծիրէն ներս այս օրերուս՝ Դպրաց Դասու Նախագահ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդութեամբ, ներկայ կը գտնուի Հայաստան։ Երգչախումբը 1 Օգոստոս 2017, Ուրբաթ Երեկոյեան, Արամ Խաչատուրեան Համերգասրահին մէջ, Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեամբ, մեծարանգի համերգ սարքեց ի պատիւ Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը այս առթիւ յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ, օրհնութեան գիր մը ուղարկեց ու շնորհաւորեց Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու ընտանիքն ու մեծարեալ Յովհաննէս Չէքիճը։ Ստորեւ կը ներկայացուի գրութեան օրինակը.

badiarkaran logo

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հոգեւոր ուրախութիւն է մեզի համար, թէ քաղաքիս Ֆէրիգիւղ թաղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբը իր կազմութեան 85ամեակի ծիրէն ներս կ՚այցելէ Հայաստան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան մեկենասութեամբ կը սարքէ մեծարանքի համերգ մը ի պատիւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճի։

Ստանպուլահայ իրականութեան մէջ կարեւոր է դերը դպրաց դաս երգչախումբերու, որոնք մեր եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ կը գործեն ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն եկեղեցիներու եւ ի մխիթարութիւն հաւատացեալ ժողովուրդի։ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը ծանօթ է իր բազմաբեղուն գործունէութեամբ, թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութեանց զոյգ ոլորտներէն ներս։ Մենք արդար հպարտութեամբ կ՚արձանագրենք անդամներու երաժշտական վաստակը, որ ամէն առթիւ արձագանք գտած է ու կը գտնէ Հայ եւ օտար շրջանակներու մօտ։

Այսօր, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեան ներքեւ հասած է նախանձելի եւ պատուաբեր դիրքի մը, մանաւանդ արտասահմանի հանրածանօթ սրահներու մէջ միջազգային փառատօներու մասնակցութեամբ, տիրաբար մեկնաբանելով դասական, ժողովրդական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններ։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի պատմութեան այս հանգրուանը կ՚ողջունենք գոհունակութեամբ եւ յանձին իր նախագահին՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կը շնորհաւորենք Տնօրէն Խորհուրդը եւ բոլոր անդամները։ Աստուած իրենց պարգեւէ ոյժ եւ կարողութիւն ու անսպառ եռանդ որպէսզի նոյն ոգիով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։

Ուրախութիւն է մեզի համար անդրադառնալ նաեւ, թէ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած սոյն համերգով կը ներկայանայ երաժշտասէր հանրութեան։ Հանրածանօթ մաէսթրօն իր երաժշտական վաստակով արժանացած է բազմաթիւ գնահատականներու եւ զանոնք կը կրէ իր կուրծքին վրայ։ Մեծատաղանդ երաժշտագէտը կը շարունակէ մնալ իր երաժշտական գործունէութեան պատնէշին վրայ, հպարտութիւն առթելով մեր ժողովուրդին։ Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճ օտար անուն մը չէ Ստանպուլահայ համայնքին համար։ Ան մեր քաղաքացին է։ Հին սերունդի պատկանող անձեր կը վկայեն իր երաժշտական գործունէութեան, մանաւանդ երգչախմբային աշխատութեանց մասին։ Հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունենք մեծանուն երաժշտագէտը, իր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ ու իրեն կը մաղթենք քաջառողջ կեանք։

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն երաժշտասէր հասարակութեան կ՚առաքենք մեր ողջոյնները։ Վստահ ենք, թէ հանդիսատեսներ պիտի խանդավառուին սոյն համերգով։

Ողջ լերուք ի խնամս Տեառն։ Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,

Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան
Պատրիարքական Տեղապահ