ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՊԵՐՃ ԻՍՔԷՆՏԷՐԷՕԶԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պոլսահայ համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած հանրածանօթ դէմքերէն Պերճ Իսքէնտէրէօզի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 Նոյեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ հոգեւորականներ։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, քանի եռօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի արտասահման, ցաւակցական գրութիւն մը ուղարկեց Պերճ Իսքէնտէրէօզի յուղարկաւորութեան առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացուի Տեղապահ Սրբազան Հօր ցաւակցագիրը.

berc iskenderoz«Հանգուցեալը մօտէն ծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր Պոլսահայ համայնքին, իր հեզաբարոյ եւ դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ։ Յանձին Պերճ Իսքէնտէրէօզի յայտնուած էր Աստուածասէր հայորդիի մը տիպարը, որ իրական մեծութիւնը գտած էր խոնարհութեան մէջ եւ այդ խոնարհութեամբը հասած՝ համբուրելի բարձրութեան։

Իր սիրազեղ սիրտը տրոփեց միշտ ի փառս Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդի արժէքներու պահպանման գծով։ Գիծ մը, որ գծուած եւ անջնջելիօրէն դրոշմուած էր իր նկարագրին վրայ, առաջնորդելով զայն՝ բարեգործութեան։ Հինդլեան, Գերմանական եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ստացած կրթութիւնը իր մէջ կերտած էր աշխատասէր, կրթանուէր եւ ուղղամիտ նկարագրի տէր անձը, որ գիտցաւ իր ունեցածէն բաժին հանել անոնց, որոնք կը կարօտէին իր օժանդակութեան։

Իր մէջ մարմնաւորուած էր անմահ բանաստեղծ՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի տողերուն մէջ յայտնուած եղբայրսիրութեան գաղափարը. «Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն, քան զանձկալի եղբայր անուն»։ Առանց խտրութեան, հետեւելով Ալիշանեան ուղիին, միշտ օգտակար նկատեց առաջնորդուիլ «մէկտեղ յոգնելու, մէկտեղ ցանելու, մէկտեղ քրտնելու, բարի հունձքեր հասցնելու եւ երաշտ դաշտերը կենսաւորելու» վսեմ տեսլականով։

Մենք կը փափաքինք անդրադառնալ նաեւ իր կողակցին՝ Տիկին Սէլմա Իսքէնտէրէօզի համայնքային օգտաշատ գործունէութեան, մանաւանդ Պատրիարքարանի Տիկնանց Յանձնախումբի շարքերէն ներս, որ բնականաբար եղած է դիւրատար, իր ազնիւ ամուսնոյն քաջալերական կեցուածքին։ Նոյն արժէքները բաժնող եւ նոյն արժէքներու պահպանման ջանադիր զոյգ մը, մեզի կը ներկայանայ օրինակելի միասնականութեան տիպարով։ Որքա՜ն բարեբախտ են այն ընտանիքները, որոնց բաղկացուցիչ տարրերը կը քալեն ձեռք ձեռքի, բարգաւաճ պահելու այն սրբազան աւանդները, որոնք մեր նախնեաց քրտանց արդիւնքներն են։

Պերճ Իսքէնտէրէօզի մահով համայնքը կը կորսնցնէ արժէքաւոր անդամ մը, որ մինչեւ իր վերջին շունջը մնաց կապուած համայնքային առօրեայ կեանքին։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Պատկ. Կրօնական Ժողովի, հոգեւորականաց դասուն, մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններուն կը ցաւակցինք իր Տիկնոջ եւ ընտանեկան պարագաներուն, հայցելով ի Տեառնէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն։

Տէրը լուսաւորէ Իր հոգին։ Աղօթենք, որ Ամենակալն Աստուած մեր ժողովուրդին մէջէն հանէ իր օրինակին հետեւող այլ նուիրեալներ, ի շինութիւն Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր ժողովուրդին»։