ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական

15800281_690921624401057_5151070948018844865_oՊատրիարքարանի անձնակազմը 30 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։

Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց աւանդական դարձած այս հանդիպումին համար եւ ըսաւ որ բոլոր տխուր ու ուրախ դէպքերով իր լրման հասաւ 2016 տարին։ Ան, շնորհաւորեց անձնակազմը եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ համար եւ թէ՛ անձնակազմին համար։