ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2019, Երեքշաբթի, ժամը 14.30-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։ Աւանդական Ամանորի հանդիպմամբ Նորին Ամենապատուութիւնը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութիւններուն համար։ Ինք, որպէս ընտրեալ Պատրիարք, առաջին անգամ Հոգեւոր Պետի հանգամանքով կը վայելէր այս աւանդութեան ապրումները։ Ուրախութիւն յայտնեց տարեվերջի օրերուն այս հանդիպումին առիթով։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց տարուան ընթացքին տարուած համատեղ աշխատութեանց համար, ինչպէս նաեւ նոր տարուան առթիւ իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ պաշտօնէութեան։

2019 YENI YIL PERSONEL

Ինք անդրադարձ կատարեց նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռը իր անուան վայել ձեւով ապագային առաւել եւս ծանրաբեռնեալ աշխատութիւն պիտի տանի։ Մասնաւորապէս շեշտեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը համայնքին տունն է եւ այդտեղ բազմաթիւ առիթներ պէտք է ստեղծուին, որպէսզի համայնքի կեդրոնը լիիրաւ դառնայ՝ միացնող տարր։ Յոյս յայտնեց թէ պաշտօնէութեան զօրակցութեամբ եւ աշխատութեամբ, ծրագիրներ կեանքի պիտի կոչուին։ Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ, քանի Պատրիարքարանի մէջ գոյութիւն ունին այս ուղղութեամբ ծառայելու պատրաստ հոգեւորականներ։

Այս առթիւ օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ իր պաշտօնէութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ խօսեցաւ Ս. Ծննդեան Խորհուրդին մասին եւ յիշեցուց թէ տաղաւար մը կը տօնուի, որով բոլոր Քրիստոնեաներ հոգեպէս զօրանալու առիթը կը գտնեն։

Յանուն անձնակազմի, խօսք առաւ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ներկայ բոլոր պաշտօնէութեան անունով շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հօր Ամանորը ու Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց քաջառողջ կեանք, բեղուն գործունէութիւն եւ արեւշատ օրեր։

Հանդիպման աւարտին ներկաներ աւանդական անուշապուրով հիւրընկալուեցան եւ աջահամբոյրով օրհնութիւնը ստացան Ամենապատիւ Ընտրեալ Պատրիարք Հօր։