ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

konusma3 Յունիս 2015, Չորեքշաբթի երեկոյ Պատրիարքարանի համալիրի նորակառոյց սենեակներու բացումը տեղի ունեցաւ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Բացման ընդունելութեան ներկայ եղան Ֆաթիհի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր, հոգեւորականներ, շինութեան բարերարներ եւ Պատրիարքարանի անձնակազմը։

Հանդիսութեան ընդացքին, Արամ Արքեպս. խօսք առնելով, ողջունեց քաղաքապետ Տէմիրը, ինչպէս նաեւ բոլոր հրաւիրեալները։ Պատրիարքական Աթոռոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւն մը փոխանցելով, անդրադարձաւ թէ Պատրիարքական Աթոռը հակառակ իր նուիրապետական աթոռ ըլլալու հանգամանքին, կը գործէր սահմանափակ տարածքի վրայ։ Այսուհանդերձ, որոշ բարելաւման աշխատանքներով կը ջանային Պատրիարքարանի համալիրը լաւագոյնս օգտագործել։ Այս մտայղացումով վերակառուցուած էին չորս սենեակներ եւ բարեզարդուած՝ գրադարանը։ Սրբազան Հայրը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քաղաքապետին եւ բոլոր բարերարներուն։ Գնահատեց նաեւ աշխատութեան ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզը։

belediye

mustafa demirԱյս առթիւ, առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրին։ Ապա, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ բարոյական աջակիցներու եւ ճարտարապետին շնորհեց գնահատագիրներ։ Աւելի վերջ, ներկաներ, շրջեցան սենեակները եւ բարեզարդեալ գրադարանը։ Ներկաներ, հանդիսութեան աւարտին իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով, մեկնեցան։

 

  • DSC02754 (2)
  • DSC02755
  • DSC02756
  • DSC02757
  • DSC02758
  • DSC02759
  • DSC02760
  • DSC02761
  • DSC02763
  • DSC02764