ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՁԻԹԵՆԻ ՏՆԿՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

124696517_1690363044456905_6314268337645868929_o (1)

Ծանօթ է թէ՝ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի տնօրինութեամբ, 11 Նոյեմբերը հռչակուած էր, որպէս Ազգային Ծառամշակութեան Օր։ Այս օրուան կապակցութեամբ, Պէյօղլուի Քաղաքապետութեան ծառամշակման պատասխանատուները 10 Նոյեմբեր 2020, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարան այցելեցին եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր կողմէ։ Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտուեցաւ ծառամշակութեան կարեւորութեան եւ ընդգծեց ձիթենիի նշանակութիւնը հաւատքի կեանքին համար, նաեւ յիշեցուց թէ՝ ձիթենին խաղաղութեան խորհրդանշանն էր եւ այս առումով խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին։ Ապա, պարտէզին մէջ Տէրունական Աղօթքի արտասանութենէն յետոյ տնկուեցաւ ձիթենիի տունկ մը։

124821612_1690363201123556_297761257799797292_o