ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

182699215_1840511322775409_549365328208050207_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Թէոտորոս Վարդապետի եւ խումբ մը հոգեւորականներու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Աթոռանիստ Ս. Գէորգ Տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարուեցաւ աղօթասացութիւն։ Ապա, Պատրիարք Հայրը հանդիպում ունեցաւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարք Հօր հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին, մեր Հոգեւոր Պետը, Պարթոլոմէոս Պատրիարքի անձին մէջ շնորհաւորեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Զատիկը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի ազդեցութիւնները տակաւին ի զօրու էին եւ եկեղեցիներ իրենց առաքելութիւնը շարունակելու համար առաւել եւս ջանք կը թափէին։ Այս շրջանին կատարուած փոխադարձ այցելութիւնները առիթ կ՚ընծայէին, որ հոգեւոր պետեր համախամբուին եւ զիրար մխիթարեն։ Ինչպէս Ս. Գիրքի մէջ կ՚ընթերցուի, լաւ է եղբայրներու միատեղ ըլլալը եւ նոյն նպատակի համար աղօթելը։182584453_1840511299442078_1183274707186472681_nՆորին Ամենապատուութիւնը Պարթոլոմէոս Պատրիարքին նուիրեց Հայճար խումբի նախաձեռնութեամբ Պիւքէր Ուրասի կողմէ պատրաստուած Պալեան ընտանիքի մասին կոթողային հատորը։

Իսկ, Պարթոլոմէոս Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց փոխայցելութեան համար եւ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ ողջունեց Հայ Եկեղեցւոյ բարեմաղթութիւնը։ Ինք եւս ձայնակցեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին արտայայտութեանց եւ յայտնեց, թէ ուրախացուցիչ տեսարան էր քոյր եկեղեցիներու սիրալիր յարաբերութիւնները։ Զրոյցի ընթացքին, երկու պատրիարքներ արտայայտուեցան միջեկեղեցական կեանքի եւ առօրեայ զանազան նիւթերու շուրջ։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին, Պարթոլոմէոս Պատրիարք Հայրը զանազան գիրքեր նուիրեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ ընկերակիցներուն։ Իսկ միւս կողմէ, Մեր Հոգեւոր Պետին նուիրեց հովուական ասա մը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական հիւրասիրութեան համար եւ բաժնուեցաւ Յունաց Պատրիարքարանէն։