ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

119065844_1630172523809291_1170380945259066164_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, միջօրէին այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր, գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Պէյքոզի Եկեղեցին Պոլսոյ հեռաւոր ափը գտնուելուն պատճառաւ, պարբերաբար կարիքը կը զգայ բարենորոգման աշխատութիւններուն։ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորուրդը, առհասարակ կը ձեռնարկէ աշխատութիւններուն որպէսզի եկեղեցին պայծառ մնայ։ Պատրիարք Հայրը, սոյն այցելութիւնները տեղւոյն վրայ քննելու համար, այցելեց եկեղեցին եւ այս մէկը առիթ դարձաւ նաեւ որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աշխատութեանց մասին տեղեկութիւն ստանայ։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան համար, բան մը որ խրախուսական բնոյթ ունէր։ Պատրիարք Հայրը, ներկաներուն հետ զրուցելէ ետք յաջողութիւն մաղթեց անոնց ու բաժնուեցաւ եկեղեցիէն։