ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

48769175-c6a4-4535-8a16-c3daef769f00Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Մարտ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդառաջելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահութենէ եկած յատուկ հրաւէրին, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։2021-03-02-insanhaklari-12«Մարդկային Իրաւանց Գործողութեանց Ծրագրի Ծանօթացում» խորագրով ժողովը տեղի ունեցաւ Հանրապետական Պալատի Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։ Ժողովը սկսաւ ժամը 13.30-ին, որու ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան հանդէս եկաւ մարդկային իրաւանց մասին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ապագայ գործունէութեանց մասին զեկուցումով մը։ Ժողովին մասնակցեցան Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփ, նախարարներ, կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, փոքրամասնութիւններէ հոգեւոր առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէ (BM) եւ Եւրոմիութենէ (AB), Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանաց Դատարանէ (AİHM) ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններէ նախագահներ, ակադեմականներ, իրաւաբաններ եւ լրագրողներ։

Վսեմաշուք Նախագահը իր զեկոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ 11 հիմքերու վրայ հիմնաւորուած ծրագիրը կը ներառէ 9 նպատակ, 50 նշանակէտ ու 393 գործունէութիւն եւ ծրագրին բոլորովին կեանքի կոչումին համար կը նախատեսուի 2 տարի։ Առ այդ, անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնութեանց հետ առընչուած նիւթերու, որոնց կարգին յայտնեց թէ՝ փոքրամասնութեանց վարչային խորհուրդներու ընտրութեանց կատարման համար հարկաւոր բարւոքումները պիտի կատարուին։

Պատրիարք Հայրը երեկոյեան Ստանպուլ պիտի վերադառնայ:

 

  • 2021-03-02-insanhaklari-12
  • 48769175-c6a4-4535-8a16-c3daef769f00