ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՏԵՆԱՊԵՏԵՑ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական

88336079_1305637386294896_8852760790646652928_o

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 3 Մարտ 2020, Երեքշաբթի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նիստերը սկսան, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։

Որպէս ատենապետ այս նստաշրջանին կը մասնակցի նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ այս օրերուն իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ժողովներուն հրաւիրուած էր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։

88984803_1305637492961552_1906136666699988992_oՎեհարանի մէջ 3 Մարտ 2020, Երեքշաբթի, առաւօտեան ժամերուն ժողովականները համախմբուեցան եւ աշխատանքի ձեռնարկեցին Վեհափառ Հայրապետի բացման աղօթքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ պատրիարքի հանգամանքի մէջ առաջին անգամ ԳՀԽ-ի ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պոլսոյ Աթոռի նորընտիր գահակալը։ Այս առթիւ ան կրկնեց իր բարեմաղթութիւնները՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղղեալ, որպէսզի Տիրոջ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը ունենայ իր հետ իր առաքելութեան արդիւնաւոր իրականացման համար։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Պերճ Սեդրակեանի ներկայութիւնը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ մշտապէս ցուցաբերուած զօրակցութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ։ Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ նաեւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ընդարձակ օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն, որոնք կը վերաբերին մեր եկեղեցական կեանքին, հայոց եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներուն։

89286146_1305637569628211_2057768348191555584_o

Քառօրեայ նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն, Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգման ընթացքին, այս առիթով կազմակերպուած համազգային հանգանակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական եւ հով-ւական կեանքին, կրթական եւ ընկերային առաքելութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2019 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը լսուին հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը, ելմտական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախումբի տարեկան հաշուետուութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը պիտի շարունակէ մինչեւ մարտի 6-ը։ Ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ պիտի առնէ առանց սպասելու ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին, մասնակցելու համար Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ կատարելի արարողութեանց։

  • 84208364_1303392856519349_754864919161077760_o
  • 88224527_1305637896294845_247787366364741632_o
  • 89053820_1303392743186027_7255748953352699904_o
  • 88984803_1305637492961552_1906136666699988992_o
  • 88336079_1305637386294896_8852760790646652928_o
  • 89115697_1303392796519355_623075638684680192_o
  • 89239609_1305637639628204_5003469941576302592_o
  • 89286146_1305637569628211_2057768348191555584_o
  • 88184816_1303392923186009_5947364750915534848_o