ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ՝ ԵԱՒՈՒԶ ՍԱԼԹԸՔԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

159374293_1796804553812753_7610727914508378666_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճըեան ու Հերման Քաւաֆեան։

Յարգելի հիւրը քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքն ունէր ծանօթանալու Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Ան, նախ ծանօթութիւններ տուաւ Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի գործունէութեանց մասին, որուն հիմնակէտը եղած էր կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն մատուցանել։ Առ այդ, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներ եւս միացան հաճելի զրոյցին եւ անոնք եւս ընդարձակ գիծերով ներկայացուցին համայնքի կարիքաւոր անհատներուն եւ աշակերտներուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մատուցուած բարեգործական առաքելութիւնը։ Յայտնի եղաւ թէ՝ յատկապէս Քորոնա Համավարակի շրջանին, օժանդակութեան կարիքաւոր ընտանիքներու քանակը առաւել եւս բազմացած էր։ Յարգելի հիւրը ուրախութիւն յայտնեց թէ՝ օժանդակութեան առումով նոյն նպատակի կը ծառայէին։ Եաւուզ Սալթըք, լսելով տրուած տեղեկութիւնները, յայտնեց թէ՝ Մայր Քաղաքապետութիւնը եւս կրնայ օժանդակել Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին, որպէսզի անոնց ճամբով օժանդակութիւնները հասնին Հայ Համայնքի անդամներուն։ Յարգելի հիւրը խօսք տուաւ թէ՝ իր կարելին ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի իրականանայ այս համագործակցութիւնը։ Իր խօսքերու աւարտին, նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր նուիրեց Ստանպուլի հին նկարներով զարդարուած գիրք մը։159465994_1796804547146087_5523389363851696183_oԱմենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ուրախութեամբ լսեց յարգելի հիւրին փոխանցած տեղեկութիւնները եւ համայնքիս անդամներուն օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, շեշտեց թէ՝ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, արդէն իսկ տարիէ մը ի վեր մեծ ճիգով կը հասնի համայնքի անդամներուն։ Այս առիթով, յարգելի հիւրին յաջողութիւն մաղթեց իր մարդասիրական գործունէութեանց մէջ։

  • 159465994_1796804547146087_5523389363851696183_o
  • 159374293_1796804553812753_7610727914508378666_o