ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Բարի Լոյս Խմբակի անդամները։

Հիւրեր, ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք Հօր եւ խնդրեցին Իր օրհնութիւնը։ Այս առթիւ անոնք յայտնեցին թէ՝ միշտ պատրաստ էին Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց նեցուկ կանգնելու։

2020 PARILUYS

 

Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռը, որպէս հոգեւոր կեդրոն, միշտ գնահատած է համայնքանպաստ բոլոր գործունէութիւնները։ Առ այդ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն եւ մաղթեց որ անոնք ունենան համայնքանպաստ գործունէութիւն։