ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 26 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը, ինչպէս անցեալին, ապագային եւս նեցուկ պիտի կանգնի Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։

2019 KARAGOZYAN

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Գարակէօզեանը, որպէս ազգային մեծագոյն հաստատութիւններէն մին, արդէն իսկ ծանօթ էր իր գործունէութեամբ։ Ինք վստահ էր, թէ բարոյական ու նիւթական նեցուկը Պատրիարքական Աթոռոյ մօտ զգալի պիտի դառնար։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքային բոլոր հաստատութեանց եւ թէ՛ մերազն ժողովուրդի համար ու խաղաղութիւնը տիրէ Հայ համայնքէն ներս։