ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱԹԻԱՅԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

193261110_1856862437806964_4890019606798395770_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Մայիս 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիայի Մայր Քաղաքապետ՝ Սէլահատտին Կիւրքանը։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Մալաթիա Հայտէր Միութեան անդամները։

Յարգելի Քաղաքապետը, վերջերս փափաքն ունեցած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ Պատրիարք Հօր հետ զրուցել Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգման աշխատանքներու զարգացումներուն մասին։ Հիւր քաղաքապետը, յայտնեց թէ՝ քաղաքի մշակութային արժէքներուն միոյն՝ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւններուն նախաձեռնած էին եւ ուրախութիւն էր աշխատութեան դէպի աւարտին ընթանալը։ Այս առթիւ, գաղափարի փոխանակումներ եղան կատարուած աշխատութիւններու եւ ծրագիրներու մասին։

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց յարգելի քաղաքապետին եւ ուրախութիւնը յայտնեց թէ՝ Մալաթիոյ կրօնամշակութային արժէքներէն մին վերստին ի յայտ կուգար։ Զրոյցի ընթացքին, յայտնուեցաւ նաեւ թէ՝ քաղաքի մէջ եւս մերազն ժողովուրդի անդամներ կը գտնուին եւ նման նախաձեռնութիւնը նաեւ ուրախութիւն պատճառած է Մալաթիացի Հայ համայնքի անդամներուն։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յարգելի հիւրին ու յաջողութիւն մաղթեց գործունէութեանց մէջ։