ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՒԱՄՄԷՐ ՔԷՍՔԻՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 24 Դեկտեմբեր 2019, ժամը 11։30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Շիշլիի Քաղաքապետ Մուամմէր Քէսքինը եւ Քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ Սէլինա Տօղանին։

2019 MUAMMER KESKIN

Յարգելի քաղաքապետը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեց Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Տարբեր առիթներով, մէկտեղուելով հանդերձ, փափաքն ունեցած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան, եւ պաշտօնական այցելութեամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Սոյն այցելութեան առիթով, Պատրիարք Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ նաեւ յուշանուէր մը։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս յիշեցուց թէ, զանազան հանդիսութեանց ընթացքին յարգելի քաղաքապետի հետ զրուցելու առիթն ունեցած էր։ Իսկ, այս մէկը աւելի կ՚առանձնանար միւսներէն, քանի պաշտօնական այցելութեան հանգամանքը ունէր։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ ընտրութիւնը բարեբեր ըլլայ թէ՛ երկրին, թէ՛ համայնքային հաստատութեանց եւ թէ՛ մերազն ժողովուրդի համար։