ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

128714271_1707361216090421_2187105037877142731_n

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ վախճանեալ Էսաեանի մերձաւորները։ Ինչպէս ծանօթ է 22 Հոկտեմբերին Մարգար Էսաեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր եւ հանգուցեալը թաղուած՝ մտաւորականաց Պանթէոնին մէջ։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ իր վշտակցութիւնը անգամ մը եւս յայտնեց ներկաներուն, վեր առնելով հանգուցեալին արժանիքները։

128439765_1707361266090416_1415659435417903664_n