ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀՌՈՄ

Kategori: Կարճ լուրեր

244038537_1957934341033106_7157657394070775557_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի երեկոյեան Հռոմ մեկնեցաւ, մասնակցելու համար «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրագունդի ապագան․ կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» համաժողովին եւ միջեկեղեցական աղօթքին, որ տեղի պիտի ունենայ 6-7 Հոկտեմբերին։ Համաքրիստոնէական չափանիշով նշանակալից այս միջոցառումները կազմակերպուած է Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի հովանաւորութեամբ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող Սէնթ Էճիտիօ համայնքի կազմակերպութեամբ։ Պատրիարք Հօր, որպէս գաւազանակիր կ՚ուղեկցի Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Խաղաղութեան նուիրուած միջազգային սոյն համաժողովին Հայ Եկեղեցին ամենէն բարձր մակարդակով կը մասնակի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գլխաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան եւ հանդէս կու գայ բանախօսութեամբ։ Երկօրեայ ժողովներու աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքն ու միջեկեղեցական բազմաթիւ դէմքեր։244041878_1957934937699713_1244451768886032635_nՄեր Հոգեւոր Պետի ճամբորդութենէն անմիջապէս առաջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, 5 Հոկտեմբեր, Երեքշաբթի, ժամը 14.30-ին տեղի ունեցաւ «Ճանապարհ»ի արարողութիւն, որուն ընթացքին Պատրիարք Հայրը Աթոռոյս միաբան հայրերու եւ քահանաներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Մայր Տաճար եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Աթոռ կը վերադառնայ 9 Հոկտեմբեր, Շաբաթ, ուշ երեկոյեան։

 

  • 244278481_1957935234366350_4846552873793142286_n
  • 244435564_1957935331033007_8040424754358472360_n
  • 244274764_1957935321033008_8782226882922167845_n
  • 244041878_1957934937699713_1244451768886032635_n