ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

Bakırköy Madağ 4

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մէսուտ Էօզտէմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց` Արժ. Տ. Շահէն Քհն. Օհանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղաւ նաեւ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ սպասաւորները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Սերճան Կազէրօղլուի առաջնորդութեամբ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները:

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/301374594419323

  • Bakırköy Madağ 3
  • Bakırköy Madağ
  • Bakırköy Madağ 4
  • Bakırköy Madağ 2