ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈԻԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

karagozyan

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 21 Հոկտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան անդամներուն հետ: Ատենապետ` Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած Խնամակալութեան անդամները, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրեցին Օրթագիւղի ափին ճաշասրահի մը մէջ:

Պատրիարք Հայրը, առաջին հերթին Գարակէօզեան Վարժարանի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարչայիններէ։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, օրակարգի եկաւ վերջերս Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան միջեւ ծնունդ առած կալուածական հարցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, լսեց վարչայիններու գաղափարները եւ ապա իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն: Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ այս հարցի կապակցութեամբ նախորդ օր ալ հանդիպում ունեցած էր Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ ու փափաք յայտնեց որ այս հարցը խաղաղ եւ բարւօք ելքի մը հասնի։ Ի միջի այլոց, Պատրիարք Հայրը Քորոնա Համավարակի դժուարին օրերուն կարողութիւն մաղթեց ներկայ վարչայիններուն: