ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

bartev neteՀամայնքիս ծանօթ երգիչներէն՝ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ Մարի Աքպաշի, 3 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, քաղաքավարական այցելեցութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Պարթեւ 2 Նոյեմբեր 2014ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ պարգեւատրուած էր Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ով։

Պարթեւ, Նորին Սրբազնութեան անձին մէջ, զինքը շքանշանի արժանի տեսնողներու, առ ի երախտագիտութիւն, շնորհակալութիւն յայտնեց։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, ան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր յաջորդ ծրագիրներուն մասին։  Անդրադարձաւ նաեւ Հայ երաժշտութեան կարեւորութեան եւ ըսաւ.«Եթէ այսօր վերադառնամ երաժշտական գործունէութեանս առաջին օրը, դարձեալ կը փափաքէի ծառայել ի նպաստ Հայ Երաժշտութեան»։

Նորին Սրբազնութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Յոյս յայտնեց թէ, Պարթեւ, նոյն եռանդով պիտի շարունակէ իր երաժշտական գործունէութիւնը, օրինակ հանդիսանալով՝ իրմէ կրտսեր սերունդներուն։ Սրբազան Հայրը օրհնեց իր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։