ՊԱՐԹԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

12043148_502967023196519_4778604220918714007_nՀամայնքիս ծանօթ երգիչներէն՝ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ Մարի Աքպաշի, 22 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Պարթեւ տեղեկացուց թէ, Շիշլիի Քէնթ սրահին մէջ 30 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին համերգով մը պիտի ներկայանար ժողովուրդին։ Ան, տեղեկութիւն տալով համերգի մասին, հրաւիրեց Նորին Սրբազնութիւնը։ Սոյն համերգով, սիրուած երգիչն ու ընկերները երաժշտասէր հասարակութեան պիտի ներկայանան աւելի տարբեր երգացանկով մը։ Համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Առագաստ» նուագախումբը։ Պիտի օգտագործուին նաեւ փողային նուագարաններ։ Զրոյցի ընթացքին, յիշուեցաւ նաեւ անցեալ ամիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համերգը։ Պարթեւ, իր ունեցած տպաւորութիւնները փոխանցեց։

Արամ Արքեպս., իր գոհունակութիւնը յայտնեց համերգի համար։ Վստահ էր թէ նախորդ համերգներու նման յաջող համերգով մը պիտի ներկայանար։ Կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Պարթեւին եւ իր ընկերներուն։