ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

190188056_1855384354621439_3783353708716234521_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի։

Այցելուներ, երկար ժամանակէ ի վեր Պատրիարք Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալու փափաքն ունէին, սակայն թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ յետաձգած էին իրենց այցելութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին եկեղեցւոյ, վարժարանի եւ թաղի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ շեշտեց թէ՝ Պաքըրգիւղը որպէս հայաշատ թաղ կարեւոր նշանակութիւն ունէր նաեւ Աթոռոյ մօտ։ Այս առումով, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։