ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԾՆՈՒՆԴ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12249823_510351195791435_7370635059043705658_nՊաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկէլեանի, 17 Նոյեմբեր 2015, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 13 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանին։ Տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Տատեան Վարժարանի նորակառոյց շէնքին, վարժարանի գործունէութեան եւ այլ հարցերու մասին։ Յայտնեցին թէ՝ 21 Նոյեմբերին, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ դպրոցի բարերարներու ներկայութեամբ, տեղի պիտի ունենայ վարժարանի պաշտօնական բացումը։ Բացման հանդիսութեան եւ մատաղօրհնութեան հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։

Արամ Արքեպս., վարիչները գնահատեց վարժարանի մասին ստեղծուած դրական զարգացումներու համար։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։