ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԾՆՈՒՆԴ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

15032786_661659497327270_1079020849127098241_nՊաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ նորանշանակ երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 8 Նոյեմբեր 2016, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 27 Նոյեմբեր 2016, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանին։ Այցելուներ, տեղեկութիւններ փոխանցեցին Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի գործունէութեանց ու այլ հարցերու մասին, խնդրելով Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց աշխատութեանց մէջ։