ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

1377612_552189078274313_4772134954746776414_nՊաքըրգիւղի Քաղաքապետ Պիւլէնտ Քէրիմօղլու, 17 Մարտ 2016, Հինգշաբթի, Ժամը 16.00-ին Պատրիարքարան այցելեց եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ քաղաքապետը, յայտնեց թէ Ապրիլ ամսուան մէջ, «Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման» խորագրեալ ժողով մը պիտի կազմակերպուի որուն պիտի մասնակցին, կրօնական ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետ Քէրիմօղլու, սոյն ժողովին հրաւիրեց Արամ Սրբազանը, որ Հայ Եկեղեցւոյ տեսակետէն արտայայտէ Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը, գոհունակութեամբ ընդառաջեց հրաւէրին եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելու քաղաքապետին։ Մեծայայգ հիւրը, Նորին Սրբազնութեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պատրաստակամութեան եւ ջերմ վերաբերմունքին համար։